2016-05-11 10:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ողորմութեան Հայրը'' (Ղուկ. 15,11-32)։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 11 Մայիս 2016-ին առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ շարունակելով Ողորմութեան նիւթին մասին իր խորհրդածութիւնները յայտնեց թէ այսօր պիտի անդրադառնանք Ողորմած Հօր առակի մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ ակնարկեց թէ այսօրուան ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկու վայրերու մէջ որովհետեւ կլիմայի անկայունութեան պատճառաւ, հիւանդները տեղադրուած են Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ապա հրաւիրեց ողջունել զանոնք եւ սկիզբ տուաւ իր խորհրդածութեան ` Ողորմած Հօր առակի մասին ուր կը խօսուի երկու զաւակ ունեցող հօր մը մասին, եւ որուն միջոցաւ կը յայտնաբերուի Աստուծոյ անսահման ողորմութիւնը։

Առակին մէջ Հայրը երբ վերագտնէ զաւակը կ՛ըսէ ''խնջոյք սարքենք եւ ուրախանանք որովհետեւ զաւակս մերած էր եւ վերապրեցաւ, կորսուած էր եւ գտնուեցաւ'' (Ղուկ 15­, 23-24)։ Այս խօսքերով Հայրը նկատի չ։առներ զաւկին խոստովանանքը եւ անոր կը վերադարձնէ իր բոլոր արժանիքները, մատանին, հագուստը.... Յիսուս առակին մէջ հայրը չի նկարագրեր որպէս նեղացած կամ դժգոհ, ընդհակառակը միակ բանը որ Հայրը կը հետաքրքրէր այն է թէ իր այդ զաւակը իր առջեւն էր եւ ողջ առողջ էր։

Զաւկին վերադարձը յուզումնալից կերպով  պատկերացուած է ''տակաւին հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք եւ գութը շարժեցաւ, վազեց դիմաւորեց զինք եւ նետուեցաւ անոր վիզը եւ համբուրեց զինք''։ Հօր ողորմութիւնը անսպառ է եւ անսահմանափակ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ զաւակը անշուշտ գիտակից էր որ սխալած ու մեղաւոր էր ''Հայր մեղանչեցի երկինքի եւ քու առջեւդ, արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու, ընդունէ զիս որպէս քու ծառաներէն մին''։   

Մեր Աստուծոյ զաւակները ըլլալու իրավիճակը պտուղն է Հօր Աստուծոյ սրտի սիրոյն։ Կախում չունի մեր արժանիքներէն եւ մեր գործերէն։ Այս մէկը մեզ կը քաջալերէ երբեք չի վհատելու ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու մտաբերեց այն մայրերն ու հայրերը որոնք ականատես են իրենց զաւակներուն մեկնումին, այն անձերուն որոնք բանտերու մէջ են եւ անոնց կը թուի թէ կեանքը անիմաստ է եւ բոլոր անոնք որոնք սխալ ճամբայ առած են ու կարողութիւնը չունին ապագան դիտելու....Կեանքի որեւէ մէկ կացութեան մէջ երբեք մոռնալու չենք թէ ամէնքս Աստուծոյ զաւակներ ենք, զաւակներ Հօր մը որ մեզ կը սիրէ եւ կը սպասէ մեր վերադարձին, յայտնեց Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց առակի միւս զաւկին, անդրանիկ զաւկին։ Ինք եւս կարիք ունի զգալու հօր ողորմութիւնը։ Ինք որ միշտ ապրած է հօր մօտ ու միշտ անոր ծառայած էր, թէեւ ուրախութեամբ չէր ապրած այս մօտիկութիւնը եւ հիմա կ՛ամբաստանէ հայրը որ ուլ մըն ալ չէր տուած անոր բարեկամներուն հետ ուրախանալու համար։ 

Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ թէ հօրը տուն մնալը չի նշանակեր վարձատրութիւն ընդունիլ այլ ունենալ զաւկի արժանաւորութիւնը։ Որդիս դուն միշտ հետս ես եւ հարստութիւնս քուկդ է։ Սակայն պէտք է ուրախանայինք եւ տօն ընէինք որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր եւ ողջացաւ, կորսուած էր եւ գտնուեցաւ։'' Հօր այս խօսքերը ունին միեւնոյն ողորմութեան տրամաբանութիւնը։ Կրտսեր զաւակը կը մտածէր թէ արժանի էր պատիժի իր գործած մեղքերուն համար մինչ անդրանիկ որդին վարձատրութիւն մը կը սպասեր։ Երկուքը կը տրամաբանեն Յիսուսի տրամաբանութեան հակառակ։ Հօր ամենամեծ ուրախութիւնը այն է տեսնել  իր զաւակները որոնք զիրար կը ճանչնան որպէս եղբայրներ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ այս Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ թէ ամէնքս կարիքը ունինք մտնելու Հօր տունը եւ մասնակցելու Անոր ուրախութեան, ողորմութեան եւ եղբայրութեան տօնախմբութեան ապա հրաւիրեց բանալ մեր սրտերը որպէսզի մենք եւս դառնանք Հօր նման ողորմած։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակներուն ակնարկելով թէ յառաջիկայ Կրակի պիտի նշենք ''Պենտեկոստէի'' տօնը։

Սիրելի երիտասարդներ, ձեզմէ ամէն մէկուն կը մաղթեմ որ աշխարհի բազմաթիւ ձայներու ընդմէջն, ճանչնաք Սուրբ Հոգւոյն ձայնը, որ կը շարունակէ  խօսիլ սրտերուն անոնց որոնք գիտեն զայն ունկնդրել։ Սիրելի հիւանդներ, ապաւինեցէք Սուրբ Հոգւոյն որպէսզի ձեզի երբեք չի պակսեցնէ իր ներկայութեան մխիթարիչ լոյսը եւ ձեզի սիրելի նորապսակներ   կը մաղթեմ որ աշխարհի մէջ ըլլաք Աստուծոյ թափանցիկ սէրը ձեր սիրոյն հաւատարմութեամբ եւ ձեր հաւատքի միութեամբ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.